Image

Վաղարշակն Ալ Հայ Է…

Վաղարշակը ութ տարեկան պատանի մըն է: Ան ծնած է Պանկըլոր, Հնդկաստան: Վաղարշակը հնդիկ է արտաքին տեսքով, բայց էութիւնը, ինքնութիւնն ու փոքր տարիքին անոր համար տքնիլը արդէն ուրիշ բան է:

Պանկըլոր, Հնդկաստան, փետրուար 2024:

Մայք Ստեփանը ծնած է Պանկըլոր, անոր մայրն ու մեծ մայրը հայ են` ծնած Կալկաթա: Մայքին մօրենական ընտանիքի արմատները եղած են Ջուղայէն, Պարսկաստան, երբ Շահ Ափաս մեծաթիւ հայեր հաստատած է հոն: Մայքին մայրը ամուսնացած է հնդիկի մը հետ եւ ընտանիք կազմած` Պանկըլորի մէջ: Հայրը փոքր տարիքէն լքած է ընտանիքը եւ հեռացած` մինակ թողելով իր հայ կողակիցը եւ երեք զաւակները:

Մայք, իր քոյրն ու եղբայրը մեծցած են իրենց մօր եւ մեծ մօր խնամքին տակ` հայկական շունչով: Մայք նաեւ ստացած է իր մօր մականունը` Ստեփան, որ ա՛լ աւելիով զինք նոյնացուցած է հայկական ինքնութեան հետ: «Հնդկաստանի մէջ հայեր անգլիացուցին իրենց մականունները», կ՛ըսէ Մայք ու կը շարունակէ. «Ասիկա ըրին, որպէսզի աւելի դիւրին ըլլան ընկերային յարաբերութիւնները եւ Ստեփանեանը դարձաւ Ստեփան»:

1981-ին Մայքը եւ իր ընտանիքը Պանկըլորէն եկած են Կալկաթա, եւ հոն հայոց Մարդասիրական Ճեմարանին մէջ Մայք ստացած է ուսում, նաեւ` հայեցի դաստիարակութիւն: «Մայրս 1955-1963 տարիներուն աշակերտած է Մարդասիրական Ճեմարանին: Ես ալ հոն հայերէն սորված եմ», ըսաւ Մայք: «Հայերէնի ուսուցիչ չունէինք եւ տեղացի հնդիկ ուսուցիչ մը մեզի հայերէն կը սորվեցնէր», շարունակեց Մայք:

Հնդկաստանի հայկական գաղութի նօսրացումը չէ օգնած, որ Մայք եւ իր ընտանիքը հմտանան իրենց քիչ մը սորված հայերէնին մէջ: «Մայրս քիչ մը հայերէն կը խօսի-, ըսաւ Մայք: – Ես միայն քանի մը բառեր կը յիշեմ: Կարելիութիւն չեղաւ խօսելու, եւ դժբախտաբար սորվածս ալ մոռցայ»: Մայքի դէմքին վրայ կը տեսնէի ժպիտ մը, որուն ետին նոյնքան ակներեւ էր տխրութիւնը:

Մայք Ստեփան քանի մը տեսակ աշխատանքներ ըրած է իր կեանքին ընթացքին: Ան մեծ հրճուանքով կը յիշէ իր լման ժամանակով վարչական պատասխանատուութիւն ստանձնելը Չենայի (Մատրասի) հայկական եկեղեցւոյ` 1994-2005 տարիներուն: «Չենա երբ կ՛ապրէի, շատ կը կարդայի հայուն պատմութեան մասին-, ըսաւ Մայք: – Եկեղեցիին համար գործելս մեծապէս օգնեց, որպէսզի աւելիով կառչիմ հայկական ինքնութեանս»:

Մայք 2005-ին եկած է Կալկաթա եւ աշխատած է Մարդասիրական ճեմարանին մէջ, ուր շատ աւելիով առնչուած է հայ աշակերտութեան հետ, որոնք եկած էին Հայաստանէն եւ Միջին Արեւելքի կարգ մը երկիրներէ: «Մինչեւ այսօր տակաւին կապի մէջ եմ աշակերտներուն հետ», ըսաւ ան:

Հետաքրքրական էր լսել Մայքի կեանքին անցած ճանապարհը եւ իր ինքնութեան փնտռտուքները: Չուշացաւ հարցումս. «Հնդի՞կ, թէ՞ հայ կը զգաս»:

«Հարիւր առ հարիւր հայ», եղաւ պատասխանը:

Մայք երախտապարտ է հայ դպրոցին ու հայ եկեղեցւոյ, անոնց մէջ կը տեսնէ հայկական ինքնութեան կերտումը եւ շարունակականութիւնը: «Հայ դպրոցը եւ եկեղեցին շատ կարեւոր դեր ունեցան հայկական ինքնութեանս կերտումին մէջ-, ըսաւ Մայք: – Երախտապարտ եմ եւ անոր համար ալ ամուր կերպով փարած եմ մեր հաստատութիւններուն»:

Հայկական գաղութը Հնդկաստանի մէջ եւ պատմութեան ընթացքին` 16-րդ դարերէն սկսեալ, ունեցած է բարգաւաճ վիճակ: «1950-ական տարիներուն երեք հազար հայութիւն կար: Այսօր մնացած է երկու հարիւր, որուն մօտաւորապէս եօթանասունը դպրոցի աշակերտներն են` եկած Հայաստանէն: Աշակերտներէն զատ` նաեւ ունինք քանի մը հայեր, որոնք Հայաստանէն եկած են եւ` տեղացիներու հետ ամուսնացած», տեղեկացուց ան:

Մայք Ստեփան չորս տարբեր առիթներով այցելած է Հայաստան: «Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնս մէջս ստեղծեց Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը», ըսաւ Մայք:

Ան նոյնպէս կը տագնապի Արցախի կորուստով եւ աւելի քան 120.000 հայորդիներու տեղահանութեամբ: «Շատ դժուար է ընդունիլ այս իրողութիւնը», ըսաւ ան:

Հնդկաստանի անկախութենէն ետք` 1947-ին, մեծ թիւով հայեր ձգած են Հնդկաստանը եւ գաղթած` տարբեր երկիրներ: «Աւելի լաւ ապագայ մը կ՛ուզէին ունենալ», ըսաւ Մայք: Բայց Մայք եւ իր ընտանիքը մնացած են Հնդկաստան, հոն մնալուն մէջ նաեւ կայ հայ մնալու գոյապայքարը: «Չկրցայ հայ աղջկան մը հետ ամուսնանալ: Մէկը չուզեց Հնդկաստան գալ: Ստիպուած եղայ ամուսնանալ տեղացիի մը հետ», եղաւ Մայքի հայկական ուղեւորութեան մէկ այլ շղթան: Անկախ այն իրականութենէն, որ Մայքին հայրը եւ կողակիցը հնդիկներ են` Մայք Ստեփան զօրաւոր ու տոկուն հայն է: Հայերէն չի խօսիր, բայց հեռաւոր Հնդկաստանի մէջ անոր սիրտը կը տրոփէ հայութեամբ: «Յաճախ տարբեր առիթներով հայութեան մասին կը խօսիմ-, ըսաւ Մայք հպարտ ժպիտով մը: – Պէտք է մեր պատմութիւնը եւ մշակոյթը ծանօթացնել օտարներուն»:

Մայք Ստեփան իր սրտին վրայ ունի մէկ ճնշուածութիւն մը` անկատար առաքելութիւն մը, զոր կ՛ուզէ իրականացնել:

Մայքին եղբայրը եւ քոյրը մկրտուած են հայկական եկեղեցւոյ մէջ` Կալկաթա: Մայք ծնած է Պանկըլոր, ուր հայկական եկեղեցի չկար: Ան մկրտուած է ոչ հայկական եկեղեցւոյ մը մէջ: Ան այսօր կ՛ուզէ իր ութ տարեկան զաւակը` Վաղարշակը, հայկական եկեղեցւոյ մէջ մկրտել: Մինչեւ օրս հայկական եկեղեցին համաձայն չէ փոքրիկ Վաղարշակը մկրտել, որովհետեւ հայրը` Մայքը, հայկական եկեղեցւոյ մէջ չէ մկրտուած:

«Չեմ յուսահատած: Օր մը Վաղարշակը հայ եկեղեցւոյ մէջ պիտի մկրտեմ», ըսաւ Մայք` հաստատ եւ վճռական:

Մայք Ստեփան կը գիտակցի, որ Հնդկաստանի մէջ հայ մնալը դիւրին չէ, եւ որ` ատիկա մեծ զոհողութիւններ կ՛ենթադրէ: Բայց այսօր սփիւռքեան ո՞ր իրականութեան մէջ հայ մնալը դիւրին է:

Մայք իրապաշտ մարդ է: Գիտէ եւ կը տեսնէ, թէ մնացած քանի մը հայերը ինչպէ՛ս պիտի լուծուին տեղական համայնքին մէջ: «Ինչ որ ալ ըլլայ վիճակը, պիտի պահենք մեր հաւատքը եւ մշակոյթը», ըսաւ Մայք: Ան նաեւ չի մոռնար յաճախ կրկնելու եւ յիշեցնելու իր ութ տարեկան զաւակին: «Վաղարշակ հայկական անուն է, երբեք չմոռնաս»:

Մայք ո`չ մէկ ճիգ կը խնայէ, որպէսզի իր հայկական ինքնութիւնը պահէ հեռաւոր Պանկըլորի մէջ: Ան «մէկ հոգիով հայկական բանակ» մըն է, որ կը փորձէ իր հայապահպանումի պատերազմը տանիլ` իր ինքնութիւնը եւ մշակոյթը պահելու համար: Ան ո՛չ միայն իր պատերազմը կը մղէ, այլ նաեւ իր ութ տարեկան զաւակին` Վաղարշակինն ալ:

Մայք այն հայն է, որ ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի Վաղարշակն ալ հայ մեծնայ:

Չեմ գիտեր, եւ ներկայ օրերու տուեալներէն մեկնելով, ինչպէ՛ս պիտի կարենանք սփիւռքահայ իրավիճակներուն մէջ սահմանել ազգային ինքնութեան եւ անոր պատկանելիութեան բնորոշիչները եւ զանոնք կարենալ զետեղել հասարակաց ենթահողի մը վրայ: Ինչպէ՞ս այդ հասարակաց ենթահողին մէջէն պիտի կարենալ բնութագրել սփիւռքահայու եւ կամ հայու դիմագիծը:

Մինչ այդ` հեռաւոր Պանկալորի մէջ կայ ութ տարեկան պատանի Վաղարշակը, որ կը փորձէ հայ մեծնալ: Ան այս պայքարը կը փորձէ մղել առանց հայկական դպրոցի, եկեղեցւոյ եւ շրջանակի: Կը մեծնայ առանձին` որպէս հայ:

Վաղարշակին մեծնալուն հետ` պիտի տեսնենք եւ ընդունինք, որ Վաղարշակն ալ հայ է:

Ու տակաւին` բոլոր իրեն նման Վաղարշակները:

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Քուէյթ, 6 մարտ 2024

 

Image

Քաղաքական, տնտեսական, մշակութային և այլք նորություններ Հայաստանից և աշխարհից։ Վերլուծություններ, իրադարձություններ, հակամարտություններ և պատահարներ՝ ամեն օր առցանց նորությունների թարմացումներ։