Այցելութիւն Թորոնթոյի հայ վարժարան

Երկուշաբթի 7 Հոկտեմբերի, 2024 ին՝ ընկերակցութեամբ Թորոնթոյի հայ գաղութի ազգայիներէն՝Տէր եւ Տիկ Լեւոն եւ Տօքթ Անի Հասըրճեաններու, առիթը ունեցայ այցելելու Հայ Օգնութեան Միութեան Հայկական Երկրորդական ամենօրեայ վարժարանը՝ Թորոնթօ։ Այցելութեան ընթացքին հանդիպեցայ տնօրէն Պրն Ռաֆֆի Սարգիսեանի, փոխ տնօրէն Տիկ Զելա Գագուսեան-Սարմազեանի ինչպէս նաեւ ուսուցչական կազմի կարգ մը անդամներու հետ։ Այցելութեան ընթացքին տեսայ վարժարանի տարբեր շէնքերը, դասարանները եւ կրթական ծրագրի համար պատրաստուած սարքաւորումները։ Մեծ ուրախութիւն էր տեսնել հայ աշակերտներ որոնք կը սորվին ու կը խօսին մայրենի լեզուն։
Դպրոցի աշակերտութեան թիւը կը հաշուէ ներկայիս 670 աշակերտներ։ Դպրոցը կը մշակէ ծրագիրներ ընդարձակելու համար իր շէնքերը քանի կը նախատեսուի աշակերտութեան թիւի յաւելում՝ յառաջիկայ տարեշրջաններուն։ Այցելութիւնը պատեհ առիթ էր դպրոցի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին մակագրելու եւ նուիրելու հայերէն իմ նոր գիրքը։
Հայ դպրոցը՝ յատկապէս իր սփիւռքեան իրականութեանը համար՝հայապահպանումի գլխաւոր կռուաններէն մին է։ Այս իմաստով ՝քաջալերական էր տեսնել թէ Թորոնթոյի հայ վարժարանը՝որ միակ հայկական կրթական հաստատութիւնն է Թորոնթոյի հայ գաղութին՝ արդէն կը նուաճէ յառաջխաղացք։ Եւ յառաջխաղացքը պիտի բնորոշուի դպրոցին ու անոր կրթա-դաստիարակչական ռազմավարութեանը տեսիլքին ու անոր նկատմամաբ ՝իւրալանչիւր հայուն նուիրուածութեանը։ Եւ այս բոլորը իրականացնելու համար տեսայ հայ գաղութին եւ անոր անդամներուն՝կամքը։
Բարի երթ Թորոնթոյի հայ վարժարանի եւ նորանոր վերելքներ տեսնելու բարեմաղթութիւններով: