Image

Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Հրայր Ճէպճէեանի հանդիպումը Իրլանտայի Եկեղեցւոյ- (Անկլիքան) Արքեպիսկոպոս Դոկտ. Մայքըլ Ճէքսընի հետ

Ուրբաթ 30, Յունիսի, 2023 ին, Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւններու ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, յատուկ հանդիպում-ժողով մը ոնեցաւ Իրլանտայի եկեղեցւոյ (Անկլիքան) Արքեպիսկոպոս Դոկտ. Մայքըլ Ճէքսընի հետ։ Արք. Ճէքսըն, Տապլինի եւ Կլէնտալօ շրջանի Իրլանտայի եկեղեցւոյ ընդհանուր առաջնորդն է։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Տապլինի պատմական Քրիստոսի եկեղեցիի (Քաթիտրալ) մէջ։ Քրիստոսի եկեղեցին՝ըստ պատմական արձանագրութիւններու հիմնուած է մօտաւորապէս ՔԵ 1030 տարիներուն։ Պատմական-մշակութային եկեղեցաշէնք մըն է որ  տարեկան աւելի քան հինգ հարիւր հազար այցելուներ կունենայ։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Քրիստոսի եկեղեցիի հոգեւոր առաջնորդ Հայր Տէրմոթ Տիւնը, Դոկտ. Փոլ Մանուկ, որ Իրլանտայի Աստուածաշունչի ընկերութեան խնամակալ մարմնի անդամ է եւ Դոկտ. Արտա ճէպէճեանը։

Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցաւ Քրիստոնեայ ներկայութեան՝միջին արեւելքի եւ Արաբական Ծոցի տարածաշրջաններուն մէջ եւ անոնց մարտահրաւէրներուն նկատմամբ։ Արք. Ճէքսըն՝ լաւատեղեակ ըլլալով Քրիստոնեայ ներկայութեան իրավիճակին միջին արեւելեան երկիրներու մէջ՝կարելի եղաւ կարծիքներու լայն փոխանակում եւ քննարկում ունենալ կեդրոնանալով ներկայ օրերու տիրող իրավիճակներուն վրայ։ Դոկտ. Ճէպէճեան ապա անդրադարձաւ Աստուածաշունչի ընկերութիւններու ծաւալած աշխատանքներու մասին Արաբական Ծոցի տարածաշրջաններուն մէջ եւ աշխարհով մէկտեղ՝ կեդրոնանալով յատկապէս «Աստուածաշունչի Յանձնարութեան» նկատմամբ յատուկ յայտագիրներուն՝ուր ընկերութիւնները  կը փորձեն քաջալերել հաւաքականութիւններ որպէսզի անոնք կրնան կարդալ Աստուածաշունչը իրենց մայրենի լեզուով եւ հասկնալ անոր պատագամը։

Դոկտ. Ճէպճէեան ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Արքեպիսկոպոսին եւ Քրիստոսի եկեղեցիին՝հայկական գեղեցիկ Խաչքարի տեղադրումին համար, եկեղեցիի շրջափակին մէջ։ Խաչքարի տեղադրումը մտայղացումը եղած էր Իրլանտայի հայկական փոքրաթիւ գաղութին եւ Քրիստոսի եկեղեցիի վարչութեանը՝հայկական ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին եւ հայ-Իրլանտական բարեկամական յարաբերութիւններուն համար։

Դոկտ. Ճէպճէեան ապա անդրադարձաւ Արցախեան ներկայ օրերու իրավիճակին եւ անոր Լաչինի միջանցքի փակման համար՝ ուր աւելի քան հարիւր քսան հազար հայեր դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուին։ Դոկտ. Ճէպճէեան նաեւ խնդրեց Արքեպիսկոպոսէն որ ճիգ չի խնայէ իր ունեցած յարաբերութիւններու եւ պետական կապերու մէջէն օգտակար ըլլալ միջանցքի վերաբացման համար։ Արք. Ճէքսըն քաջատեղեակ է Արցախի մէջ պատահած մարդկային դժուար պայմաններու վրայով եւ դոկտ. Ճէպճէեանի ներկայացուց իր կատարած աշխատանքներուն՝ մէկ կողմէ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ նաեւ Արցախի շրջափակումին համար։ Ան վստահեցուց թէ պիտի շարունակէ զօրավիգ մնալ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն համար։

Այս հանդիպումի ընթացքին, Դոկտ. Ճէպճէեան, Արք. Ճէքսընի նուիրեց անգլերէն Աստուածաբանական իր գիրքէն մէկ օրինակ մը, «Աստուածաշունչի Յանձնարութիւնը-Վերագտնել Հաւատք, Յոյս եւ Անձ»։

 

Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւն

Image

Քաղաքական, տնտեսական, մշակութային և այլք նորություններ Հայաստանից և աշխարհից։ Վերլուծություններ, իրադարձություններ, հակամարտություններ և պատահարներ՝ ամեն օր առցանց նորությունների թարմացումներ։