Շահանին Հեւքը...
Շահան Գանտահարեանը Պէյրութի Ազդակ օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր եւ տնօրէնն է։ Ան նաեւ իմ լաւ բարեկամն է։ Բարեկամ մը որ ունի մարդկային արժէքներու նկատմամբ յարգանք եւ գուրգուրանք։ Ան կը հաւատայ մարդկային կեանքի մէջ հաղորդակցութեան կարեւորութեանը եւ բարեկամութիւնը կը նկատէ հասկացողութեան եւ համերաշխութեան հիմք եւ գրաւական։ Եթէ Ազդակը կուսակցական օրկան է՝բայց Շահանը հետամուտ է որ թերթը ստանայ համահայկական պիտակ եւ տեսադաշտ՝ երբ ան կրցած է համախմբել հայութիւնը իր տարբեր երանգներով եւ կարողականութիւններով եւ մէկ հարթակի տակ։ Այս վերջինը ինչքան անհրաժեշտ միջոցառում է՝ մեկնելով մեր ներկայ օրերու համահայկական շատ մը հիմնախնդիրներու մէջէն։
Շահան Գանտահարեանը քաղաքական վերլուծաբան է։ Շահանի վերլուծումները մէկ կողմէ կը՚նդգրկէ տարածաշրջանի եւ համաշխարհային աշխարհաքաղաքական տարբեր ոլորտները՝ բայց անպայմանօրէն Հայաստանեան-Արցախեան ու սփիւռքահայ իրականութիւններու իրավիճակները։ Բաւարար է հետեւիլ Հայաստանեան-Արցախեան ու սփիւռքահայ լրատուուական տարբեր ցանցերու տուած իր վերլուծումները-հարցազրոյցները եւ Ազդակի մէջ իր խմբագրականները՝երեւի ամենօրեայ հերթականութեամբ՝տեսնելու համար իր եռանդը ներկայացնելու հայուն «տագնապները» քննական, առարկայական եւ գիտական հիմքերով։ Շահանը արհեստավարժ վերլուծաբան-խմբագիր է որ գիտէ իր «զգացումները» իր սրտին մէջ սեղմել որպէսզի մեզ՝ հայութիւնը՝դնէ քաղաքական-ազգային ու Հայաստանեան-Արցախեան հիմնահարցերու ճիշդ քարտէսին վրայ։ Անցնող երկու տարիներու վրայ երկարած եւ մինչեւ այսօր՝ մեր ահաւոր տագնապներուն ընթացքին եւ անոր մէջէն՝յատկանշական է տեսնել Շահանի «հեւքը»՝մէկ կողմէ վերլուծելու եւ լուսաբանելու հայուն պատմութեան այս վճռական ժամանակահատուածները՝բայց նաեւ ցոյց տալու մեր բոլորին մութ փապուղիէն լոյսը տեսնելու կարեւորութիւնը։ Եւ հայը՝անպայմանօրէն պարտի տեսնել լոյսը...։
Այս տողերը երախտագիտական եւ շնորհակալական փոքր եւ համեստ խօսք է Շահանին... եւ իր ՀԵՒՔԻՆ։ Հեւք մը՝ որ կը ձգտի հայուն տալ ազգային-քաղաքական զօրաւոր հիմք՝որպէսզի հայը կրնայ շարունակել կերտել իր կեանքը եւ ամրապնդել իր պատմութեան շարունակականութիւնը։
Շնորհակալութիւն Շահան։ Նուիրումիդ եւ...հեւքիդ համար։ Հեւք մը՝որ յոգնութիւն չի ճանչնար։ Ուժ եւ կորով քեզի։
Բարեկամօրէն՝
Հրայր Ճէպէճեան
Պէյրութ 10 հոկտեմբերի, 2023