Միջին Արեւելք եւ Հայաստան այս կապուածութիւնը անհրաժեշտութիւն է
«Մերձաւոր Արեւելքի Արաբական երկիրներու հայ համայնքները. Արդի միտումներ եւ փոխակերպումներ» խորագիրով գիտաժողովը տեղի կ՛ունենայ 30 Նոյեմբեր, 2023ին Երեւանի մէջ, Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան ինստիտուտի կազմակերպութեամբ։
Բացառիկ հարցազրոյցի մեր հիւրն է Ծոցի արաբական երկիրներու Աստուածաշնչեան ընկերութեան տնօրէն՝ դոկտ․ Հրայր ճէպէճեանը, որը հրաւիրուած է սոյն գիտաժողովին որպէս բանախօս՝ նիւթ ունենալով, «Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքներ․ Հայատանի հետ յարաբերութիւնները, արդի միտումներ, մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ»։
Դոկտ․ ճէպէճեան իր զրոյցին մէջ ըսաւ թէ, «Միջին Արեւելքի հայկական իրականութիւնը այժմ տագնապալի օրերու մէջ է. խօսքը եօթը երկիրներու մասին է՝ Լիբանան, Սուրիա, Յորդանան, Քուէյթ, Եգիպտոս, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Արաբական Ծոցը ներառեալ»։
Ըստ դոկտ․ Ճէպէճեանի՝ Միջին Արեւելքի վիճակը պայթուցիկ է պաղեստինեան եւ իսրայէլեան պատերազին պատճառաւ։
«Միջին Արեւելքէն արտահոսքը կը շարունակուի, մարդիկ իրապաշտ են, այդ իրականութիւնը կայ։ Ճիշդ է, որ կը պարպուի, բայց չենք կրնար ըսել, որ բոլոր գաղութը կը պարպուի։ Տակաւին Մերձաւոր Արեւելքի այս գաղութները ունին այդ ուժը, այդ կարելիութիւնները, որ կրնան տրամադրել հայրենիքին, երկուստեք իրար ամբողջացնելու անհրաժեշտութիւնը կայ, որպէսզի սփիւռք -հայրենիք զիրար լիցքաւորեն, երկուքը իրար շաղկապուած են։ Մենք պիտի չի մոռնանք, որ աշխարհագրականօրէն Միջին Արեւելքի քաղաքները շատ մօտ են Հայաստանի, մօտիկութիւնը կարեւոր դեր կրնայ խաղալ երկուքի իրարու հետ շաղկապուելուն։ Միջին Արեւելք եւ Հայաստան այս կապուածութիւնը անհրաժեշտութիւն է»։
Անի Զէյթունցեան
Հանրային Ռատիօ