Image

Ցաւակցական նամակ

Տօքթ. Նազարէթ Տարագճեան
Նախագահ՝Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մեծայարգ Տօքթ. Տարագճեան,
 
Ցաւով իմացանք մահը մեր սիրելի եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն՝Պրն. Զաւէն Խանճեանի մահը։
 
Պրն. Խանճեանի հետ ունինք երկար տարիներու վրայ երկարած բարեկամութիւն եւ գործակցութիւն։ Բարեկամութիւն մը որ ունէր նաեւ ընտանեկան ծանօթութիւն՝բայց նոյնքան նաեւ գործակցութիւն։ Եւ գործակցութիւնը կը՚նդգրկէր եկեղեցական, միութենական, ազգային ու հասարակական տարբեր ոլորտներուն մէջէն։
 
Զաւէնը «Երազային Հալէպի» ծնունդն է բայց նաեւ անոր զաւակը։ Հալէպէն էր որ ան սորվեցաւ Քրիստոսի եւ Եկեղեցիի համար դնելու իր կեանքի հիմքը եւ ապրելու Անոր համար։ Ան այս տեսլականով եւ գիտակցութեամբ իր համակ կեամքը դրաւ այս տեսլականին եւ անոր ծառայութեանը համար եւ մինչեւ իր վերջին երկրային շունչը։
 
Զաւէն Խանճեան մնաց ամուր ու հաստատ իր Հայկական եւ Աւետարանական նկարագրի ու համոզմունքներուն մէջ։ Այս երկուքը իրեն համար զուգորդուած ապրող կեանքեր էին որ ան երբեք չի սակարկեց անոնց արժէքը։ Աւետարանականը՝անոր հոգեւոր ու Աստուածաշնչական սկզբունքներովը եւ հայկականը իր համապարփակ եւ համահայկական գիտակցութեամբը։ Զաւէն Խանճեան ապրեցաւ Հայաստանով եւ սփիւռքով ու սատարեց ազգային ինքնութեանը համար եւ անոր մշակութային մեծ ժառանգը։ Ան քաջ կը գիտակցէր որ հայուն յաջողութեան գրաւականը իր միասնական ջանքերուն մէջ է եւ այս իմաստով ոչ մէկ ճիգ չի խնայեց։ Ան նոյնքան եղաւ գրականութեան մարդը որ չի բաւականացաւ միայն խօսքի քարոզութեամբը բայց նաեւ գիրին կարեւորութեանը ու անոր շնորհած ուժը։ Այս իմաստով՝ ան նաեւ կարեւոր ներդրում ունեցաւ իր հրատարակած հատորներով թէ յօդուածներով՝որոնց հիմքը մնաց հոգեւոր-ազգային։
 
Զաւէն՝դուն քու կեանքդ ապրեցար ամբողջական եւ չեղար երբեք դասալիք։ Դուն անդադար մղեցիր «բարի պատերազմը»։ Եթէ երկրային կեանքդ աւարտեցիր՝ բայց « ընթացքը կատարեցիր»։ Եւ անպայմանօրէն՝«հաւատքը շատ ամուր պահեցիր»։
 
Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան խնամակալ մարմնի անունով եւ անձնապէս՝խնդրեմ ընդունեցէք մեր ցաւակցութիւնները։ Ցաւակցութիւնները իր սիրեցեալ կողակիցին՝Սոնային, զաւակներուն, թոռներուն եւ հարազատներուն։ Զաւէնի համար ընտանիքը արժէք էր եւ ան ապրեցաւ իրենցմով եւ անոնք՝իմա ընտանիքը՝իրմով եւ որ միշտ ալ նեցուկ էին իրեն։ Ցաւակցութիւնները նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու մեծ ընտանիքներուն եւ աշխարհով մէկտեղ։ Աշխարհագրականօրէն ձեզմէ հեռու բայց աղօթքով, սրտով եւ մտքով ձեզի հետ։ Կ՚աղօթենք Սուրբ Հոգիին մխիթարութեանը բոլորին եւ բոլորիս։
Յարգանք՝ Զաւէն Խանճեանի ապրած նուիրական կեանքին եւ ծառայութեանը համար։
 
Ցաւակցօրէն՝
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
Ընդհանուր Քարտուղար՝Արաբական Ծոցի Աստւոածաշունչի Ընկերութեան
Նիկոսիա օգոստոս 10, 2024
Image

Քաղաքական, տնտեսական, մշակութային և այլք նորություններ Հայաստանից և աշխարհից։ Վերլուծություններ, իրադարձություններ, հակամարտություններ և պատահարներ՝ ամեն օր առցանց նորությունների թարմացումներ։